Հայաստանի և Ադրբեջանի միջև խաղաղության համաձայնագիրը չպետք է շեղի ուշադրությունը հայ ռազմագերիների հարցից․ ԱՄՆ նախագահ Դոնալդ Թրամփը կարող է ամրապնդել TRIPP նախագիծը՝ Ադրբեջանից պահանջելով ազատ արձակել 19 հայ գերիներին՝ գրում է Washington Times-ը։               
 

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ողջունեց «Մանուկներու Աստուածաշունչը միասին կարդանք եւ պատմենք» գիրքի հրատարակութիւնը

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ողջունեց «Մանուկներու Աստուածաշունչը միասին կարդանք եւ պատմենք» գիրքի հրատարակութիւնը
12.09.2025 | 10:52

Չորեքշաբթի, 10 Սեպտեմբեր 2025-ին, Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանքին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Քուէյթի եւ Ծոցի երկիրներու Սուրբ Գրոց Ընկերակցութեան ներկայացուցիչ դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան: Ան Նորին Սրբութեան ներկայացուց վերջերս հրապարակուած «Մանուկներու Աստուածաշունչը Միասին Կարդանք Եւ Պատմենք» գիրքը:

Վեհափառ Հայրապետը ջերմօրէն ողջունելով յիշեալ հրատարակութիւնը՝ իր գնահատանքը յայտնեց Սուրբ Գրոց Ընկերակցութեան՝ Սուրբ Գիրքի տարածման մէջ իր բերած կարեւոր ներդրումին, ինչպէս նաեւ հայ եկեղեցւոյ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հետ շարունակուող գործակցութեան համար:

Յայտնենք, որ յիշեալ հրատարակութիւնը Միջին Արեւելքի հայ վարժարաններուն ու կիրակնօրեայ դպրոցներու աշակերտներուն տրամադրութեան տակ պիտի դրուի ազգային առաջնորդարաններուն ճամբով:

Դիտվել է՝ 4203

Մեկնաբանություններ